Հայաստանի նկատմամբ ՀԱՊԿ-ի պարտաւորութիւնները կը պահպանուին. Թասմակամպետով:
Ղազախստանէն Ատրպէյճան քարիւղի արտահանումը կրնայ աւելնալ:
Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը 2027-ի արտահերթ ընտրութիւններուն նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրէ Սթամպուլի քաղաքապետը:
Ռուսաստանը սպառնալիք է ամբողջ Եւրոպայի համար. Մաքրոն:
Փարիզի միջուկային հռետորաբանութիւնը սպառնալիք է Ռուսաստանի համար. Լաւրով:
Ռուսական ուժերը Քրիվոյ Ռոկն ու Օտեսան հարուածած են. կայ 4 զոհ, տասնեակ վիրաւորներ:
Ուաշինկթըն բոլոր ուղղութիւններով Քիևի հետ յարաբերութիւնները ժամանակաւորապէս կը դադրեցնէ կամ կը վերանայի. Մայք Ուոլց:
Շուտով հանդիպում պիտի կայանայ Ուքրանիոյ և Ամերիկայի միջև. Երմաք:
Ուաշինկթըն պատրաստ է Փեքինի դէմ պատերազմի. Փենթակոն:
Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Փենթակոնի ղեկավարին յայտարարութիւնը:
Անմիջապէս ազատեցէք պատանդները և վերադարձուցէք սպաննուած գերիներու աճիւնները, այլապէս ձեր վերջը եկած է. Թրամփ՝ ՀԱՄԱՍ-ին:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան