Հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման բանակցութիւնը կը շարունակուի. Ալեն Սիմոնեան:
Թիֆլիս պատրաստ է ներդրում ունենալու Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան և կայունութեան գործին . Պոճորիշվիլի:
Մոսկուան մտահոգիչ կը համարէ Հայաստանի ձգտումը դէպի Եւրամիութիւն. Կրուշքօ:
Պատրաստ ենք հիւլէական համաձայնագիր կնքելու Միացեալ Նահանգներու հետ, եթէ յարգուին Իրանի ազգային շահերը. Փեզեշքիան:
Թեհրանի հետ բանակցութիւնները լաւ կ՛ընթանան, բայց դեռ ժամանակ պէտք է՝ հասկնալու, թէ արդիւնքը ինչպիսին պիտի ըլլայ. Թրամփ:
Զատիկը ցոյց տուաւ, որ Ռուսաստանի գործողութիւններուն պատճառով պատերազմը կը ձգձգուի. Զելենսքի:
Փութին պատրաստ է ուքրանական կողմին հետ քննարկելու քաղաքացիական կէտերը չթիրախաւորելու հարցը. Փեսքով:
Հարվըրտ համալսարանը հայց ներկայացուցած է Թրամփի վարչակազմին դէմ 2 միլիառ տոլարի պետական օժանդակութեան ծրագիրը սառեցնելու համար:
Հռոմի Պապը կտակին մէջ խնդրած է զինք յուղարկաւորել Սանթա Մարիա Մաճորէ եկեղեցւոյ մէջ։
Անի Զէյթունցեան