Արտակ Դաւթեան իրաւունքի ուժով ստանձնեց Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնը: Վարչապետը հրամանատարական կազմին ներկայացուց Գլխաւոր շտապի նորանշանակ պետը:
Զինուած ուժերը քաղաքական հարցերու մէջ չէզոքութիւն պիտի պահպանէ. Արտակ Դաւթեանը ուղերձ հղեց:
1920 թուականին Շուշիի հայ բնակչութեան ջարդերը եւ 2020-ին քաղաքի բռնազաւթումը յանցագործութիւն են մարդկութեան դէմ. Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց ջարդերու 101-րդ տարելիցին առիթով:
Հայ ռազմագերիներու հանդէպ նուաստացուցիչ վերաբերմունքը եւ խոշտանգումները կրնան հաւասարազօր ըլլալ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանքեց Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան զեկոյցին:
Օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 506 նոր դէպք: Ունինք 432 առողջացած եւ մահուան 12 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունեան