Յունիս 20-ին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը կայացաւ: Արձանագրուած է՝ ներքաղաքական իրադրութենէն լաւագոյն ելքը արտահերթ ընտրութիւններն են:
Օննիկ Գասպարեան պաշտօնէն ազատուած է, Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի նոր պետի նշանակման գործընթացը կը շարունակուի. վարչապետի աշխատակազմը պարզաբանում տարածեց։
Պատերազմի հետեւանքով հաշմանդամ դարձած անձերուն համար անկախ կեանքի կեդրոններ կը ստեղծուին. տեղի ունեցաւ կառավարութեան հերթական նիստը:
Ատրպէյճան կը խախտէ հրադադարի համաձայնագիրը՝ ազատ չարձակելով հայ ռազմագերիները. խնդրին անդրադարձաւ Ամերիկայի քոնկրէսական Պրէտ Շըրմըն:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը՝ հաստատուած է 1024 նոր դէպք, ունինք 273 առողջացած, մահուան՝ 19 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան