Հայաստանի կառավարութեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցներով Արցախի մէջ պիտի իրագործուի 110 միլիարդ դրամի ծրագիրներ: Տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստը:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 46-րդ նստաշրջանին արծարծուած է հայ գերիներու պաշտպանութեան հարցը։
Ամերիկայի Պետական գերատեսչութիւնը կը պահանջէ, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչները Արցախ այցելեն: «Լուրերու» հարցումին պատասխանեց Էնթընի Պլինքընի ղեկավարած կառոյցը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակը դատապարտեց եւ մտահոգիչ համարեց Մեխակաւանի՝ Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ, բարբարոսական ոչնչացման վերաբերեալ Ատրպէյճանի բոլոր արդարացման փորձերը:
Ապրիլ 2-ին Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան երկիրներու՝ արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը: Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ գերիներու հարցը. յայտնեց Սերկէյ Քոփիրքին:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է թագաժահրի հիւանդութեան 1005 նոր դէպք: Առողջացած է 433, մահացած՝ 18 անձ: