Արդէն ութերորդ օրն է` Ատրպէյճան կը շարունակէ փակ պահել Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճամբան։
Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ցուրտին ճանապարհները՝ ընտանիքները շրջափակման տարբեր կողմերուն մնացին. Նիկոլ Փաշինեան։
Քոնկրեսական Փալոն նախագահ Պայտընին դիմած է՝ ապահովելու Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը։
Ճամբու զաւթումը կազմակերպածներուն մեծ մասը յատուկ ծառայութիւններու նախկին կամ ներկայ աշխատակիցներ են․ Արցախի դատախազութիւն։
Վարչապետի գլխաւորութեամբ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկուած է տարածաշրջանին մէջ հաստատուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը։
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Պերպոք դէմ է հրադադարին Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի պայմաններով։
Քիևի մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն հետևանքով վնասուած են կարևոր ենթակառուցուածքներ․ Քլիչքօ։
Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորը առաջարկած է փախստականներու պատճառով պատնէշներ կառուցել Եւրամիութեան սահմաններուն։
Աֆղանիստանի մէջ թալիպները հրապարակայնօրէն մտրակած են 30 անձերու, նաև՝ կանանց։
Ամերիկայի նախագահ Պայտըն մտադիր չէ Քիև այցելելու՝ իր անվտանգութեան սպառնացող վտանգին պատճառով. Politico։
Անի Զէյթունցեան