ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց 2023 թուականի Ազգային պաշտպանութեան օրէնքի փոփոխութիւնները։ Կը ներառեն Ատրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւնները հետաքննելու պահանջք, հայ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելու կոչ և Թուրքիոյ F-16 ինքնաթիռներու վաճառքի վերահսկողութիւն:
Լիլիթ Մակունց սենաթոր Վան Հոլլենին ներկայացուց տարածաշրջանային զարգացումներու շուրջ Հայաստանի դիրքորոշումը:
Հունկարիոյ Արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց Անդրկարպատներու մէջ հունգարացիներու պաշտպանութեան ռազմական գոյութեան մասին:
Իտալիոյ վարչապետ Մարիօ Տրակին յայտարարեց հրաժարականի մասին:
Ռուսաստանի 11 օդակայաններուն մէջ թռիչքներու արգելքը յետաձգուած է:
Հայ ժողովուրդը երախտապարտ է Ֆրանսային Հայաստանի կենսական շահերու պաշտպանութեան հետամուտ ըլլալու համար. Մհեր Գրիգորեան:
Սրի Լանքայի նախագահը պաշտօնապէս հրաժարական տուաւ:
Ամերիկայի Ելևմուտքի նախարարութիւնը Ռուսաստանի դէմ որոշ սահմանափակումները մեղմացուց:
ՆԱԹՕ-ի հանդիպման ժամանակ գերմանացի զինուորականներէն գաղտնի տուեալներով համակարգիչներ գողցած են:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան