Ատրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն «մեր քաղաքացիներ» կ՛անուանէ և կը կրակէ անոնց վրայ. Նիկոլ Փաշինեան:
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է ատրպէյճանական դիրքէն հայ բնակիչներու ուղղութեամբ կրակոցները:
Յարձակումները չհրահրուած և լաւ ծրագրուած ահաբեկչութիւն են՝ Ատրպէյճանի կողմէն. Մարուքեան:
Թեհրան ողջունեց Հայաստանի և Ատրպէյճանի դիւանագիտական երկխօսութիւնը. Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Ցաւակցութիւն կը յայտնեմ Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցած մահացու պայթումի զոհերու ընտանիքներուն. Արարատ Միրզոյեան:
Ամերիկայի հետ մեր դաշնակցութիւնը հակասական իրադրութեան մէջ է. Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարար:
Դեմոկրատներու վերահսկողութիւնը Ամերիկայի Ծերակոյտին մէջ պահպանուեցաւ:
Սալիվան խորհուրդ տուած է Զելենսքիին Մոսկուայի հետ բանակցութիւններուն մտածել իրատեսական դիրքորոշումի մասին:
Եւրամիութեան Արտաքին գործոց նախարարները Ռուսաստանի դէմ չեն նախատեսեր ընդունիլ նոր պատժամիջոցներ. Պորել։
Նոյեմբեր 7-13 Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 116 նոր դէպք: Առողջացած է 158 բուժառու, մահուան դէպք չունինք:
Անի Զէյթունցեան