Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ Ատրպէյճանի մէջ ՄԱԿ գրասենեակի ներգրաւումը Շուշիի մէջ կազմակերպուած միջոցառման:
Fitch Ratings վարկանիշային գործակալութիւնը վերահաստատած է Հայաստանի գերիշխան վարկանիշը` կայուն հեռանկարով:
Արցախի նախագահը Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է. քննարկուած են ներքին և արտաքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման վերաբերող հարցեր:
Արցախի պետական նախարարը տեղեկացուցած է, որ յառաջիկայ ժամերուն բոլորը պիտի ստանան բնական կազ:
Իրավիճակը Ուքրանիոյ մէջ կը վկայէ ՄԱԿ համակարգի բարեփոխման անհրաժեշտութեան մասին, ըսած է Չաւուշօղլուն:
Մոսկուան Ամերիկայի և Եւրամիութեան պատժամիջոցներու պատասխանը կը մշակէ. Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Փենթակոնի ղեկավարը վերահաստատած է, որ Ամերիկան չի մասնակցիր Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններուն:
Ռուսաստանի պատուիրակութեան հետ հանդիպելու ժամանակը եկած է, անհրաժեշտ է վերականգնել Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը. Զելենսքի։
Ուքրանիոյ զինուած ուժերը կորսնցուցած են ելքը դէպի Ազովի ծով:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է 32 նոր դէպք, առողջացած է 81, մահացած՝ 1 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան