Նիկոլ Փաշինեանն ու Թոյվօ Քլաարը անդրադարձած են Արցախի մէջ ընթացիկ իրավիճակին և լարուածութեան աճին:
Մեզի համար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը տարածքային հարց չէ, այլ իրաւունքներու. Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար:
Արցախի մէջ բազմաթիւ մարդասիրական խնդիրներ առաջացած են. Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը դիմած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն և միջազգային կառոյցներուն:
Ատրպէյճանի զինուած ուժերու յառաջխաղացման մասին լուրերը ապատեղեկութիւն են. Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Խերսոնի շրջանը ամբողջութեամբ անցած է Ռուսաստանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ. Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Ռուսաստանի Կառավարութիւնը հաստատած է հացահատիկի և շաքարաւազի արտահանման արգելքը:
Միացեալ Նահանգները ռազմական օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ Ուքրանիոյ, սակայն Ռուսաստանի դէմ չի պատերազմիր. Սաքի:
Ատրպէյճանը դէպի Եւրոպա կազի մատակարարման ծաւալը կ՛աւելցնէ:
Հայաստանի մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 55 նոր դէպք: Առողջացած է 237, մահացած 3 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան