Խաղաղութեան պայմանագրի կնքման բանակցութիւններ կազմակերպելու համար Հայաստանը դիմած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ներկայացուցած է Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական և անվտանգային իրավիճակը Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցչին:
Շփման գիծով ատրպէյճանանական կողմի տեղեկութիւնները կուտակումներու մասին իրականութեան չեն համապատասխաներ. Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակ:
Թոյվօ Քլաարին ներկայացուած են Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի մէջ ենթակառուցուածքներու վերականգնման հարցով արհեստական խնդիրներ ստեղծելու փաստերը:
Ռուսաստանը Եւրոպայէն և Միացեալ Նահանգներէն պատժամիջոցներու չեղարկում չի խնդրեր. Ռուսաստանի փոխ Արտաքին գործոց նախարար:
Ռուսաստանի յատուկ ռազմական գործողութեան ընթացքին շարքէ հանուած է Ուքրանիոյ 3736 կառոյց. Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Ուքրանիոյ մէջ յատուկ գործողութեան աւարտի վերջնաժամկէտը չի հրապարակուիր. Փեսքով:
Արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 17 նոր դէպք, առողջացած 166, մահացած՝ 4 անձ:
Անի Զէյթունցեան