Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը հրադադարը կրկին խախտած են Խնապատ և Փառուխ գիւղերու ուղղութեամբ:
Ատրպէյճան պէտք է շտապ դադրեցնէ սանձարձակ պահուածքը Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ. Արտակ Բեգլարեան:
Պաշտպանութեան բանակը, խաղաղապահ զօրակազմին հետ համատեղ, կը կատարէ իր վրայ դրուած խնդիրները. Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը կը յորդորէ տուրք չտալ կեղծ լուրերուն:
Ժողովրդավարութեան ամրապնդման ոլորտին մէջ Հայաստանի կառավարութեան քայլերը ոգևորիչ ու գնահատելի են. Թերեզա Ռիպեյրօն՝ Նիկոլ Փաշինեանին:
Ամերիկան գրեթէ 47 միլիոն տոլար կը յատկացնէ Հայաստանին և Արցախին:
ՄԱԿ-ը պատրաստ է հակաճգնաժամային աջակցութիւն տրամադրել Հայաստանին՝ ստեղծուած տնտեսական նոր իրավիճակը դիմակայելու համար:
Ամերիկայի նախագահ Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու վերջին 40 տարուայ համար մրցակցային սղութիւնը կապած է հակառուսական պատժամիջոցներուն հետ։
Եւրամիութիւնը պատժամիջոցներ չի կիրառեր Ռուսաստանի դէմ, որոնք կ՛ազդեն քարիւղի և կազի ոլորտներուն վրայ. Հունկարիոյ վարչապետ:
Իրանի միջուկային ծրագրի բանակցութիւնները դադրեցուած են. Կը փակուի գործարքի պատուհանը:
Փութին Ուքրանիոյ վերաբերեալ բանակցութիւններուն յայտնեց որոշակի դրական տեղաշարժի մասին:
Հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 128 նոր դէպք: Առողջացած է 350, մահացած՝ 5 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան