Մարտ 9-ի օրուան ընթացքին և ամբողջ գիշեր Ատրպէյճան հրադադարը խախտած է. Արցախի Պաշտպանութեան բանակ:
Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները սպառնալիք են տարածաշրջանի խաղաղութեան և կայունութեան, հարուած՝ խաղաղապահ առաքելութեան. Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Փաշինեանը Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անունով Ֆրանսային երախտագիտութիւն յայտնեց բացառիկ ջերմութեան և բարեկամութեան համար։
Հայաստանը կարող է ակնկալել Ֆրանսայի աջակցութիւնը. Էլիզէի պալատ:
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի Ֆրանսայի համանախագահը տարածաշրջան պիտի այցելէ։
Մոսկուան Եւրոպայի խորհուրդէն դուրս կուգայ. Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Քիև Մոսկուայի առաջադրած պահանջները մտադիր չէ կատարելու. ըսած է Քուլեպան՝ Լաւրովի հետ բանակցութենէն յետոյ։
Ճգնաժամը յաղթահարելու միջոցները կը քննարկուին Պելառուսի մէջ, ոչ թէ այստեղ. Լաւրով՝ Անթալիայի բանակցութիւններու մասին:
ՆԱԹՕ-ն չի մասնակցիր Ուքրանիոյ շուրջ հակամարտութեան երրորդ աշխարհամարտէն խուսափելու համար. Պորել:
Հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 122 նոր դէպք: Առողջացած է 235, մահացած 3 անձ:
Անի Զէյթունցեան