Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց Արցախի պաշտպանութեան բանակի տարածած հաղորդագրութիւնը Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէն հայկական դիրքերու ուղղութեամբ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրառելու վերաբերեալ։
Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները խիստօրէն պահպանած են հրադադարի դրութիւնը. Արցախի Պաշտպանութեան բանակը հերքեց ատրպէյճանական կողմի ապատեղեկութիւնը:
Հայաստան անհրաժեշտութեան պարագային անմիջապէս պիտի աջակցի Յունաստանին անտառային հրդեհների հետևանքով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու հարցին. երկիրը առայժմ չունի յաւելեալ օգնութեան կարիք:
Վիեթնամի վարչապետը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Նիկոլ Փաշինեանին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով:
Կայացաւ եվրոպական առաջատար Lufthansa ընկերության առաջին թռիչքը դէպի Հայաստան:
Օրուան Քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 397 նոր դէպք: Առողջացած է 264, մահացած՝ 9 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան