Նիկոլ Փաշինեան չընտրուեցաւ վարչապետի պաշտօնին. Վարչապետի ընտրութեան հարցը կրկին պիտի քննարկուի Մայիս 10-ին:
19 հայ գերիները խոշտանգելու եւ սպաննելու առնչութեամբ դիմում ներկայացուած է Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարան. տեղեկացուց գերիներու եւ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ Արտակ Զէյնալեան:
Մովսէս Յակոբեանին մեղադրանք առաջադրուած է պետական գաղտնիք պարունակող տեղեկութիւններ հրապարակելուն համար:
Նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ երկքաղաքացիութեան փաստը թաքցնելու հարցով յարուցուած է քրէական գործ:
Մայիս 3-ը մամուլի ազատութեան օրն է:
Սկսած է առաջին դասարանցիներուն առցանց յայտագրման առաջին փուլը:
Նիկոլ Փաշինեանն ու Աննա Յակոբեան պատուաստուեցան քորոնայի դէմ: Վարչապետի պաշտօնակատարը կոչ ըրաւ քաղաքացիներուն պատուաստուելու:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 145 նոր դէպք: Առողջացած է 717, մահացած՝ 10 անձ:
Անի Զէյթունցեան