Եվրամիութիւնը կոչ ըրած է Ատրպէյճանին հայ գերիներու վերաբերեալ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները տրամադրել Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարան։
Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, Զիուած ուժերու յանցագործութիւններու դէպքերուն առիթով յարուցուած է մօտ 100 քրէական գործ:
Տուշանպէյի մէջ քննարկուած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան մարտահրաւէրներն ու վտանգները:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան Կազանի մէջ մասնակցեցաւ Եվրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին։
Յաջորդ շաբթուընէ՝ պատուաստուած քաղաքացիները ճամփորդելու ատեն այլեւս թեստ-քննութիւն չեն յանձներ, յայտնեց առողջապահութեան նախարար Անահիտ Ավանէսեան:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 656 նոր դէպք. առողջացած է՝ 882, մահացած՝ 16 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան