Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկուած են Հայաստանի առջև ծառացած մարտահրաւէրներն ու ատոնք հաղթահարելու ուղղութեամբ յետագայ քայլերը:
Հայաստան անվտանգութեան մասով երկարաժամկէտ լուծումներու ժամանակ չունի. Ալէն Սիմոնեան՝ Վիաչեսլաւ Վոլոտինին:
Ռուս-պելառուսական համատեղ տարածաշրջանային զօրախումբ պիտի ստեղծուի:
Ուքրանիան Պելառուսի հետ սահմանին կամուրջներ պայթեցուցած և ճամբաներ ականապատած է:
Ղրիմի կամուրջին վրայ ահաբեկչութեան հեղինակներն ու պատուիրատուները Ուքրանիոյ գաղտնի ծառայութիւններն են. Փութին
Յունաստանն ու Եգիպտոսը թուրք-լիպիական կազի գործարքը «անօրինական» անուանեցին:
Պայտըն և Շոլց Ռուսաստանի նկատմամբ ճնշումները աւելցնելու Ուքրանիոյ շարունակական աջակցութեան հարցը քննարկած են։
Իրան դէմ է զինելու ուքրանական պատերազմի կողմերէն որևէ մեկուն. Իրանի Արտաքին գործոց նախարար:
Չինաստանի որոշ քաղաքներուն մէջ կրկին մեկուսացում սահմանուած է:
Հոկտեմբեր 3-9 Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 697 նոր դէպք: Առողջացած է 1251 բուժառու, արձանագրուած է մահուան 9 դէպք:
Անի Զէյթունցեան