Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Յուլիս 25-էն արձակուրդի է՝ Հայաստանի մէջ։
Հայաստանի տնտեսութիւնը 2022 թ. Յունուարէն-Յունիսի տուեալներով երկնիշ աճ արձանագրած է: Վիճակագրական կոմիտէն տուեալներ հրապարակեց:
Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցով Չեխիա պիտի մեկնի:
Եւրամիութիւնը 7,7 մլն․ իւրօ պիտի յատկացնէ Հայաստանի հետ գործընկերութեան համաձայնագրի իրականացման համար:
Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Քըլըչ թուրք-հայկական սահման այցելած է:
Անտառային ուժեղ հրդեհները պատուհասած են Թուրքիոյ արևմուտքը:
Ռուսաստանի անվտանգութեան դաշնային ծառայութիւնը խափանած է ռուսական ինքնաթիռները առևանգելու ուքրանիական հետախուզութեան գործողութիւնը:
Ընտրութիւնը Քիևին է. Լաւրով՝ Ռուսաստան-Ուքրանիա բանակցութեան հնարաւորութեան մասին:
«Եւրատեսիլ 2023» երգի մրցոյթը Մեծ Բրիտանիան պիտի հիւրընկալէ:
Հայաստանը CNN travel-ի վարկածով աշխարհի 23 լաւագոյն արշաւային ուղղութիւններու շարքին է:
Յուլիս 18-24 հաստատուած է քորոնավիրուսի 965 նոր դէպք, առողջացած է 547, մահացած` 7 անձ:
Անի Զէյթունցեան