Սահմանազատման հարցերով համատեղ յանձնաժողով պիտի ձևաւորուի մինչև Ապրիլի վերջ, Արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուած է սկսիլ խաղաղութեան բանակցութիւններու նախապատրաստական աշխատանքները. Շառլ Միշէլ՝ Պրիւքսէլի մէջ Փաշինեան-Միշէլ-Ալիև հանդիպումէն յետոյ։
Մեզի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունի Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի ճշգրտումը, ըսած է Փաշինեան:
Քրեմլին դրական գնահատեց Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստումը:
Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան և անվտանգութեան հասնելու ուղղութեամբ վճռորոշ ջանքեր գործադրուած են, յայտնած է Պորէլ:
Հերթական ապատեղեկութիւնը Ատրպէյճանէն: Հայկական կողմը Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ուղղութեամբ կրակ չէ բացած. Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Մայրութեան և գեղեցկութեան տօնին առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած են Նիկոլ Փաշինեանը, Վահագն Խաչատուրեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Արայիկ Յարութիւնեանը:
Բարձր արհեստագիտութեան առաջատարներէն՝ NVIDIA ընկերութիւնը գիտահետազօտական կեդրոն պիտի հիմնէ Հայաստանի մէջ։
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է 19 նոր դէպք, առողջացած է 18 անձ, մահ չունինք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան