Արևմտեան ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կրակոցէն պայմանագրային զինծառայող մը զոհուած է:
Ատրպէյճանը վերջին օրերուն պարբերաբար խախտած է հրադադարի կարգը. Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չունի:
Խաղաղութեան պայմանագիրը Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է. Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ:
Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիայի դիւանագիտական հաւաքին:
Ուքրանիոյ հայ համայնքին համար ստեղծուած են բոլոր հնարաւորութիւնները Հայաստան վերադառնալու համար. Աղաջանեան:
Լաւրովն ու Քուլեպան պատրաստ են բանակցելու Անթալիայի հաւաքի ընթացքին:
Զելենսքին քննադատած է Արևմուտքը՝ Ուքրանիոյ ռազմարդիւնաբերական համալիրի ուղղութեամբ հնարաւոր հարուածներու մասին Ռուսաստանի նախազգուշացման չարձագանգելու համար:
Այս իրավիճակէն Ուքրանիան յաղթած դուրս գալու է. Տմիթրո Քուլեպա:
Եվրոպայի մէջ Երկրորդ աշխարհամարտէն յետոյ ամենախոշոր փախստականներու ճգնաժամը կը ձևաւորուի. ՄԱԿ:
Հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 60 նոր դէպք: Առողջացած է 377, մահացած՝ 12 անձ:
Անի Զէյթունցեան