Հայաստանի և Լիբանանի միջև դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով Արարատ Միրզոյեանն ու Ապտալլահ պու Հապիպ ուղերձներ փոխանակած են:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազը Ռուսաստանի գլխաւոր զինուորական դատախազին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէն հրադադարի կարգը խախտելու դէպքերը:
Հայաստանի մէջ օդանաւ մը կոչուեցաւ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած Գրիգոր Ղազարեանի անունով:
Զափորոժիէ ադոմակայանը անցած է Ռուսաստանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ:
Զելենսքին պատրաստ է խօսելու Փութինին հետ ամէն ինչի՝ նաև Տոնպասի մասին։
Էրտողանը Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխաւորներէն մէկն է. ըսած է Զելենսքին: Ան կրկին դիմած է ՆԱԹՕ-ին:
ՆԱԹՕ-ն Ուքրանիոյ հակամարտութեան մասնակից չէ և Ռուսաստանի հետ պատերազմ չի փնտռեր. Սթոլթընպըրկ:
Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը համաձայն չէ Ռուսաստանի դեսպանատունը փակելու կոչերուն. Նուլանտ:
Չեխիոյ մէջ արտակարգ դրութիւն հաստատուած ուքրանացի փախստականներու պատճառով:
Արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 251 նոր դէպք: Առողջացած է 836, մահացած՝11 անձ:
Անի Զէյթունցեան