Համածառայակիցի կողմէն արձակուած կրակոցներէն մահացած է ժամկէտային զինծառայող, կայ նաև երկու վիրաւոր, յայտնած են Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութենէն: Ժամկէտային զինծառայողը ձերբակալուած է, կը տեղեկացնէ Քննչական կոմիտէն:
Նոյեմբեր 16-ին մարտական հերթապահութիւն իրականացուցած կարգ մը զինծառայողներ կալանաւորուած են, իսկ մէկ դիրքապահ ցուցաբերած է բացառիկ խիզախութիւն:
Ռուսաստանի և Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց փոխնախարարները քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։
Սկսած են Արցախի Խրամորթ համայնքը շրջկեդրոնին կապող նոր ճամբու շինարարական աշխատանքները:
Փարիզի մէջ նախարար Արարատ Միրզոյանի և Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի մասնակցութեամբ կայացաւ Հայաստան այգիի բացման արարողութիւնը:
Լիվըրփուլի մէջ սկսաւ Մեծ եօթնեակի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:
Ամերիկան առկախ թողեց Ուքրանիոյ ռազմական օգնութիւն տրամադրելը:
Թուրքիան չաջակցիր Ուքրանիոյ՝ ընդդէմ Ռուսաստանի. Bloomberg-ի յօդուածը:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է 290 նոր դէպք, առողջացած է 610, մահացած՝ 21 անձ: