Ատրպէյճանի զինուժը Արցախի մէջ խախտած է հրադադարի պահպանման դրութիւնը, վիրաւորուած է Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող մը։
Հայաստանի վարչապետն ու Իրանի նախագահը քննարկած են երկու երկիրներու միջև բեռնափոխադրումներու անխափան կազմակերպման հարցեր:
Հայաստան շահագրգռուած է ՀԱՊԿ և Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան տարածաշրջաններու ահաբեկչութեան սպառնալիքի արդիւնաւէտ զսպմամբ, ըսած է Հայաստանի վարչապետը:
Արարատ Միրզոյեան Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէն Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներթափանցելու հետևանքով ստեղծուած իրավիճակը:
Մեկնարկած են Հայաստանի Զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու համալիր մարզումները։
Ֆրանսայի պատուիրակութեան անդամները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիր և Եռաբլուր:
Թուրքիոյ մէջ կը հետապնդեն Ցեղասպանութիւնը ընդունող փաստաբանին:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 759 նոր դէպք: Առողջացած է 614, մահացած՝ 26 անձ:
Հեղինակ Անի Զէյթունցեան