Թէժ իրավիճակ Ազգային Ժողովին մէջ. «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան շիշ նետած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան անդամ Հայկ Սարգսեանի ուղղութեամբ:
Ազգային ժողովին մէջ այսօր տեղի ունեցած դէպքերը պիտի դառնան քննութեան առարկայ. կը յայտնեն դատախազութենէն:
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարն ու UNESCO-ի գլխաւոր տնօրէնը շնորհաւորական ուղերձ յղած են Հայաստանի վարչապետին՝ նշանակման առիթով:
Օգոստոսի 25-ին Հայաստանի մէջ սկիզբ առին եռամսեայ հաւաքներ, նպատակը երկրի պաշտպանունակութիւնը ամրապնդելն ու բանակը զօրացնելն է:
Հայաստանի մէջ դասերը պիտի ըլլան առկայ և ամենօրեայ` համաճարակի կանոններու խիստ պահպանումով:
Թուրքիոյ դիրքորոշումը Ղրիմի հարցով լիովին սխալ է, յայտարարեց Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով:
«Թալեպան» արգիլած է Աֆղանիստանէն դուրս հանել տոլար և պատմական յուշարձաններ:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 634 նոր դէպք: Առողջացած է 200, մահացած՝ 10 անձ: