Ժամը 15:30-էն թշնամին վերսկսած է Երասխի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կրակը, երէկ ալ կրակած է Գեղարքունիքի և Երասխի ուղղութեամբ՝ յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Արարատի մարզպետարանը հերքեց Արմաշի և Սուրենաւանի ուղղութեամբ հակառակորդի կրակելու մասին տեղեկութիւնը:
Արցախի Պաշտպանութեան բանակը հերքած է Քաշաթաղի փոխ հրաձգութեան, իսկ Մարտունիի մէջ՝ հայկական դիրքերը յարձակումի ենթարկելու մասին լուրերը:
Արցախի ժողովուրդն ու իշխանութիւնները երբևէ չեն ընդունիր Ատրպէյճանի կազմին մէջ որևէ փաստացի կամ իրաւականօրէն կարգավիճակ՝ յայտարարած է Արցախի պետնախարարը:
Ամերիկան կը մերժէ ուժի կիրառումը սահմանազատում իրականացնելու պարագային. Լին Թրէյսին այցելած է Գեղարքունիքի մարզ:
Ամերիկայի քոնկրեսականները պահանջած են արգիլել Թուրքիան անօթաչու թռչող սարքերու վաճառքէն:
Օրուան Քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 112 նոր դէպք: Առողջացած է 106, մահացած՝ 3 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան