Պաշտպանութեան նախարարութեան դիմաց բողոքի շարժում իրականցուցին 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին անյայտ կորսուածներուն եւ գերեվարուածներուն ծնողները:
Արցախի դէմ պատերազմին մէջ ներգրաւուած ահաբեկիչներուն չեն վճարած, անոնք սովի մատնուած են. լրագրողներու նոր բացայայտումը:
Վարչապետ Փաշինեանի եւ Վերակառուցման ու զարգացման եվրոպական պանքի նախագահ Օտիլ Ռենօ-Պասոյի հետ հանդիպումի ընթացքին արձանագրուած է՝ 2020 թ. Հայաստանի ներդրումային փաթեթը եղած է ամենամեծը:
Պատգամաւորները կ՚առաջարկեն վերանայիլ զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին վճարներու չափը:
91 տարեկանին մահացաւ ամերիկահայ բարերար, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Հրայր Յովնանեանը:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութան 1029 նոր դէպք, առողջացած 1117-ը, մահացած՝ 22-ը:
Անի Զէյթունցեան