Այսօր Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի 5-րդ տարելիցին առիթով Եռաբլուր այցելեցին բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ զինուորականներ:
Հայաստանի գլխաւոր դատախազը Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներուն վերաբերեալ քրէական գործով դիմած է Սահմանադրական դատարան:
Հայկ Չոպանեան նշանակուած է բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար:
Մոսկուայի մէջ ընթացաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան Արտաքին Գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը խօսած է Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու անյապաղ վերադարձի անհրաժեշտութեան մասին:
Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է քորոնայի պրիթանական հիմնամարէյով 10 նոր վարակուողներու դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան