Վարչապետ Փաշինեան Ֆրանսայի մէջ նախագահ Մաքրոնին հետ կարևոր բանակցութիւններ կը վարէ:
Ատրպէյճանի կառավարութիւնը լրացուցիչ ժամանակ խնդրած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանէն ռազմագերիներու մասին ամբողջական տեղեկութիւն տրամադրելու համար:
Զօրքերը պէտք է վերադառնան սկզբնական դիրքեր. Մեծ Բրիտանիոյ դիրքորոշումը Ատրպէյճանի յարձակումին վերաբերեալ:
Դաւիթ Բաբայեան և Ատամ Շիֆ քննարկած են Ատրպէյճան-Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող հարցեր:
Մի՛ մասնակցիք զօրահաւաքին. Զելենսքիի կոչը Ռուսաստանի քաղաքացիներուն:
Ռուսաստանի կողմէն զօրահաւաք յայտարարելը, հանրաքուէները չեն խաթարեր Ուաշինկթընի կողմէն Քիևին աջակցութիւնը. Սալիվան:
Պլինքըն յայտարարեց, որ Ամերիկան Ռուսաստանի կողմէն միջուկային զէնքի հնարաւոր օգտագործման արձագանգի յատուկ ծրագիր մշակած է:
Թուրքիան Տոնպասի, Խերսոնի և Զապորոժիէի շրջաններուն հանրաքուէները չի ճանչնար. Չաւուշօղլու:
Սեպտեմբեր 19-25 Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 1431 նոր դէպք: Առողջացած է 2133 բուժառու, ունինք մահուան 4 դէպք:
Անի Զէյթունցեան