Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը Կարմիր Շուկայի և Թաղավարդի ուղղութեամբ կրակած են. Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը լուսանկարներ հրապարակեց:
Ատրպէյճանի Զինուած ուժերուն կողմէ Արցախի բնակչութեան թիրախաւորման փաստերը պէտք է պատշաճ քննութեան առարկայ դառնան. Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան:
Միջազգային թիրախաւորուած արձագանգը կրնայ կանխել Ատրպէյճանի կողմէն նախապատրաստուող նոր սադրանքը. Մարուքեան:
Համաշխարհային պանքը պատրաստակամ է օժանդակութիւնը շարունակելու Հայաստանի կառավարութեան. Աննա Պիերտէ՝ Նիկոլ Փաշինեանին:
Յունաստանի վարչապետը յայտարարած է, որ մտադիր չէ С-300 համակարգեր ուղարկել Ուքրանիա:
Ռուսաստան չի հրաժարիր Ուքրանիոյ հետ բանակցութիւններէն. Լաւրով:
Առայժմ պատրաստ չեմ բանակցելու Ռուսաստանի հետ. Զելենսքի:
Փութին և Մաքրոն Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը քննարկած են՝ շեշտը դնելով Զապորոժիէ ադոմակայանի անվտանգութեան վրայ։
Թուրքիան պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ մարդասիրական աջակցութիւն տրամադրել. Հուլուսի Աքար:
Սեպտեմբեր 5-11 Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 2575 նոր դէպք: Առողջացած է 2172 բուժառու, արձանագրուած է մահուան 7 դէպք:
Անի Զէյթունցեան