2022 թուականի առաջին կիսամեակին Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրներուն հետ փոխադարձ առևտուրը աճած է 52,5 տոկոսով. Փաշինեան` Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստին:
Ամերիկայի Պետական քարտուղարութիւնը արձագանգեց Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան սպառնալից յայտարարութեան. Յանձնառու ենք դիւրացնելու ուղիղ երկխօսութիւնը Հայաստանի և Ատրպէյճանի միջև երկկողմ, բազմակողմ մակարդակներու վրայ:
Բերձոր, Ներքին Սուս և Աղաւնօ յուշարձաններու տարհանումը բնակավայրերէն աւարտին հասած է:
Շուշի-Բերձոր-Գորիս ճանապարհի հատուածը պիտի գործէ մինչև Օգոստոս 31 ներառեալ:
Պայտըն Զելենսքիին հետ հեռախօսազրոյցին հաստատեց աջակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը Քիևին:
«Պայրաքթար»ներու արտադրողը բացառեց Ռուսաստանին անօդաչու սարքերու մատակարարումը:
ՄԱԳԱՏԷ-ի ղեկավարը յայտարարեց Զապորոժիէ ադոմակայանին մէջ առաքելութեան մշտական ներկայութեան հնարաւորութեան մասին:
Շոլց հրաժարածէ Քիևին մատակարարել զէնք, որմով հնարաւոր կ՛ըլլայ յարձակիլ Ռուսաստանի վրայ:
Անի Զէյթունցեան