«Սուրմալուի» պայթումին հետևանքով անհետ կորած համարուող քաղաքացիներէն մէկը նոյնականացուած է. Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ:
Թեհրանի մէջ Ռուսաստանի, Իրանի և Ատրպէյճանի միջև ստորագրուած է տարանցիկ փոխադրումներու պարզեցման մասին յուշագիր:
Եւրամիութիւնը շահագրգռուած է կողմերը հաշտեցնելու և հիմնախնդիրը կայուն լուծելու. Անտրէա Վիկթորին:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Իրան կը վերադարձնէ իր դեսպանը վեց տարի անց:
Ուքրանացի ռազմագերիներու դատավարութեան պարագային անհնար պիտի դառնայ Ռուսաստանի հետ բանակցիլը. Զելենսքի:
Հիւսիս-ատլանտեան դաշինքի քաղաքականութիւնը ադոմական ուժերու բախումին կրնայ յանգեցնել. Ռուսաստանի փոխ Արտաքին գործոց նախարար:
Վրաստան՝ Պորժոմիին քով արդէն երրորդ օրն է՝ փրկարարները չեն կրցած մարել մոլեգնող անտառային հրդեհները։
Օգոստոս 15-21 Հայաստանի մէջ հաստատուած է քորոնայի վարակման 1913 նոր դէպք, առողջացած է 1663 քաղաքացի: Արձանագրուած է մահուան 5 դէպք:
Անի Զէյթունցեան