Մասիսի քաղաքապետարան ներխուժած զինուած անձը ինքնասպան եղած է. ոստիկանները յայտնաբերած են անոր դիակը։
«Սուրմալու» առևտուրի կեդրոնին մէջ որոնողական-փրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին․ 2 անձ անհետ կորած կը համարուի։
Տեղի ունեցաւ Հայաստանի և Ուրուկուայի Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջև քաղաքական խորհրդակցութիւններու հերթական փուլը։
Եւրասիական տնտեսական միութիւնը ազատ առևտուրի շուրջ բանակցութիւններ պիտի սկսի Հնդկաստանի և Ինտոնէզիոյ հետ. Պանքին։
Ռուսաստանցիներու մուտքը Եւրամիութիւն արգիլելու գաղափարը «նացիստական քաղաքականութեան դրսևորում» է. Շոյկու:
Փորտուկալիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ռուսաստանցիներու համար Եւրամիութիւն մուտքի արգելքին դէմ արտայայտուած է։
Իրան հրաժարած է ադոմական գործարքի շրջածիրէն ներս Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու դէմ պատժամիջոցները հանելու պահանջէն։
Պայտըն յանձնարարած է 775 մլն․ տոլարի ռազմական օգնութեան նոր փաթեթ տրամադրել Ուքրանիոյ։
Մեծ Բրիտանիոյ մէջ աւելի քան 45 հազար երկաթուղային աշխատողներ գործադուլ յայտարարած են։
Թուրքիոյ մէջ շղթայական վթարը 16 անձի կեանք խլած է։
Անի Զէյթունցեան