Ատրպէյճանական կողմը կը շարունակէ մնալ զբաղեցուցած դիրքերուն վրայ. բանակցութիւնները կը շարունակուին. Արցախի Պաշտպանութեան բանակ:
Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը Փառուխի և յարակից Քարագլուխ բարձունքի հատուածին՝ յարձակման անյաջող փորձ կատարած են. Արցախի պետական նախարար:
Փաշինեանն ու Փութինը պայմանաւորուած են ջանքեր գործադրել Արցախի մէջ իրավիճակը կարգաւորելու ուղղութեամբ:
Ատրպէյճանի՝ նոր պատերազմ հրահրելու փորձերուն վերաբերեալ միջազգային հանրութեան միանշանակ դիրքորոշումը կարևոր ներդրում պիտի ըլլայ իրավիճակի կայունացման գործին. Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է գործօն քայլեր գործարկել Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը ապակայունացնելու փորձերը կանխելու ուղղութեամբ. ըսուած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Կը խնդրենք աւելցնել խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողներու թիւը և սպառազինութեան միջոցները. Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդը պաշտօնական գրութեամբ դիմած է Վլատիմիր Փութինին:
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը. հաստատուած է 21 նոր դէպք, առողջացած է 64, մահացած՝ 1 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան