Արմէն Սարգսեանի` այլ քաղաքացիութիւն ունենալու վերաբերեալ հրապարակումը ուղարկուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն:
Հայաստան կարևոր կը նկատէ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը. Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը Հիւսիսային Մակեդոնիոյ վարչապետին:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կը մեկնի Լիւքսեմպուրգ:
Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարարը Հայաստան պիտի այցելէ:
Հայաստանի զինուած ուժերը համալրուած են նոր ուղղաթիռներով:
Հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումը պիտի օգնէ բացառելու զինուած բախումները. Պորտեուժա:
Զօրքերու քանակի մասին ՆԱԹՕ-ի յայտարարութիւնները կը սրեն լարուածութիւնը. Փեսքով:
Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւնները այս փուլին աւարտուած են. Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար:
Ճափոնը իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է լքել Ուքրանիան:
Երեք երկիր, որոնց մէջ՝ Իրանը, վերականգնած է ՄԱԿ-ի մէջ ձայնի իրաւունքը:
Հայաստանի մէջ արձանագրուած է քորոնայի հիւանդութեան 1332 նոր դէպք: Առողջացած է 155 քաղաքացի, մահացած է 4 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան