Ամէն ինչ պիտի ընենք, որ մեր երկրի շուրջ կայուն և անվտանգ միջավայր ձևաւորուի. Նիկոլ Փաշինեան:
Մեր տպաւորութեամբ Թուրքիան կը կիսէ Հայաստանի հետ առանց նախապայմաններու երկխօսութիւն սկսելու մօտեցումը. Վահան Հունանեան:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է՝ հայ-ատրպէյճան սահմանի միջադէպին հետ կապուած:
Ալիևը նոր մեղադրանքներ հնչեցուց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն և ռուս խաղաղապահներու հասցէին:
Լրջօրէն մտահոգուած ենք հայ-ատրպէյճան սահմանի հերթական լարուածութեամբ. Մարիա Զախարովա:
Տոկաևը Հայաստանի վարչապետին փոխանցած է տեղեկութիւններ իրավիճակի կարգաւորման վերաբերեալ:
ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահները սկսած են Ղազախստանի կարևոր կառոյցներու փոխանցումը երկրի իրաւապահներուն:
Ղազախստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը խաղաղապահները պարգևատրեց։
ՆԱԹՕ-ն պատրաստ է անվտանգութեան առաջարկներ ներկայացնել Ռուսաստանին. Սթոլթընպըրկ:
ՄԱԿ-ի անդամ 8 երկիրներ, այդ թիւին մէջ՝ Իրանը, զրկուած է ձայնի իրաւունքէն:
Հայաստանի մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 298 նոր դէպք: Առողջացած է 111 մահացած 4 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան