Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը կրակ բացած են զօրամասի ջրատար մեքենայի ուղղութեամբ. տուժածներ չկան. Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց ատրպէյճանական Զինուած ուժերու մարտական դիրքերը գնդակոծելու մասին լուրերը:
Հաղորդակցութեան բացում ապահովելու ենք, մենք հետաքրքրուած ենք. Նիկոլ Փաշինեան:
Աշան գիւղի բնակիչը գերութեան մէջ ենթարկուած է բռնութեան, պատճառելով ծանր վնաս առողջութեան. Արցախի դատախազութիւն:
Հաղորդակցութեան վերաբացումը փոխկապակցուած չէ սահմանազատման և սահմանագծման հետ. Հայաստանի փոխվարչապետ:
Առաջնագիծի կահաւորման աշխատանքները ընթացքի մէջ են:
ՀԱՊԿ Ռազմական կոմիտէի հերթական նիստը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Արևմուտքը կը պատժէ Պելառուսը՝ Ռուսաստանի հետ բարեկամութեան համար. Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Աւստրալիան միացաւ Չինաստանի Ողիմպիական խաղերու դիւանագիտական պոյքոտին, Մեծ Բրիտանիան դեռ կը մտածէ:
Էրտողան կրկին առաջարկած է միջնորդի դեր խաղալ Ռուսաստան-Ուքրանիա յարաբերութիւններուն:
Հաստատուած է քորոնայի հիւնանդութեան 410 նոր դէպք: Առողջացած է 408 քաղաքացի, արձանագրուած է մահուան 10 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան