Այսօր լրացաւ Ամերիկայի մէջ Սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչութեան 20-րդ տարելիցը։
Բոլորը պարտաւոր են աշխատանքի ներկայանալու համար ներկայացնել ՊՇՌ քննութեան արդիւնքը, եթէ պատուաստուած չեն, յայտնեց Առողջապահութեան նախարարը։
Ատրպէյճան-Իրան սահմանին փոխ-հրաձգութիւն տեղի ունեցաւ, կայ վիրաւոր։
ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր՝ Ամերիկան, Արցախի կարգավիճակի հարցը լուծուած չի համարեր․ ըսած է Լինն Թրէյսին։
Միքայէլ Արզումանեան հեռացած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարի-պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնէն։
Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները պէտք է շուտափոյթ վերադարձուին։ Արարատ Միրզոյեան հիւրընկալեց Նիտըրլանտներու, Ղազախստանի և Պելճիքայի դեսպանները։
Գլխաւոր դատախազութիւնը կը պահանջէ Հայաստանին արտայանձնել ԵԱՀԿ-ի մէջ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ առաքելութեան ղեկավարի տեղակալը։
Եւ օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 731 նոր դէպք: Առողջացած է 635, մահացած՝ 16 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան