Հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին փոխհրաձգութեան հետևանքով Հայաստանի Զինուած ուժերու զինծառայողը մահացած է։
Մառախուղի պայմաններուն Հայաստանի Զինուած ուժերու զինծառայողին և վարորդին հետ կապը կոսուած է՝ կը յայտնէ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
Պաքուն կը փորձէ լարուածութեան նոր օճախներ ստեղծել՝ խաթարելով տարածաշրջանային խաղաղութիւնը և անվտանգութիւնը՝ յայտարարեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Հայ գերիներուն հանդէպ շինծու դատավարութիւնը կը շարունակուի:
Ատրպէյճան կը փորձէ Արցախի նկատմամբ զավթողական ծրագիր իրագործելու համար աջակիցներու շրջանակ ձևաւորել՝ Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու յայտարարութիւնը:
Արցախի պաշտպանութեան բանակը հերքեց Շուշիի մատոյցներուն տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ կրակ բանալու մասին լուրերը:
Նիկոլ Փաշինեան հանդիպեցաւ Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոպիրկինին:
Վրացական 4 հեռատեսիլի կայան 24 ժամով դադրեցուցած է հեռարձակումը՝ պահանջելով երկրի վարչապետին հրաժարականը:
Օրուան քորոնայի թիւը․ հաստատուած է հիւանդութեան 189 նոր դէպք։ Առողջացած է 86, մահացած՝ 3 անձ։
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան