Սահմանադրական դատարանը կը շարունակէ քննել արտահերթ ընտրութիւններուն արդիւնքները վիճարկող դիմումները։
Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Մոնղոլիայի վարչապետին՝ Անկախութեան օրուան առիթով:
Պոլսոյ հայկական եկեղեցւոյ պատին վրայ պարող տղամարդիկը բերման ենթարկուած են:
Հայկ Գրիգորեան հեռացած է Քննչական կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն. զայն կը փոխարինէ Արգիշտի Քեարամեանը:
Մեծ Բրիտանիոյ խորհրդարանը պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընդունման հարցը:
Վրաստանի մէջ նկարահանող լրագրողին մահուան պատճառով կը պահանջեն կառավարութեան հրաժարականը:
Ըմբշամարտի Եվրոպայի և աշխարհի ախոյեան՝Արսէն Ջուլֆալակեան յայտարարած է աւարտը իր մարզիկի հմտութիւններուն։
Քուպայի մէջ տեղի ունեցած են բողոքի ցոյցեր ընդդէմ երկրի կոմունիստական կառավարութեան։
Մեր երկրին մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 71 նոր դէպք, առողջացած է՝ 73 , արձանագրուած է մահուան 3 դէպք։
Հեղինակ՝ Անի Զեյթունցեան