Ռուսաստանի ու Ֆրանսայի նախագահները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի թեման:
Կովկասեան ժառանգութեան պաշտպանութեան կազմակերպութիւնը արձանագրած է Ատրպէյճանի կողմէն Սղնախի հայկական գերեզմանոցը պղծելու փաստը։
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութիւնը Հայաստանի հարաւին ստեղծուած իրավիճակը կը դիտարկէ որպէս «սահմանային միջադէպ», յայտնած է Ստանիսլաւ Զաս։
Եվրոպական միութիւնը աւելի քան 1.5 միլիարդ իւրօ կը պատրաստուի յատկացնել Հայաստանին։
Հայաստանի քաղաքացիներուն համար, համավարակով կապուած, Յունաստան այցի սահմանափակումները վերցուած են։
Ֆրէնք Փալուն Ամերիկայի իշխանութիւններուն հետ քննարկած է հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման և սահմանային ճգնաժամի հիմնահարցեր։
Ամերիկայի եվ Թուրքիոյ՝ առևտուրի ոլորտին մէջ գագաթաժողովը չեղարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման պատճառով։
Եւ օրուան քորոնայի թիւը․ հատատուած է հիւանդութեան 125 նոր դէպք։ Առողջացած է 97, մահացած՝ 1 անձ։
Հեղինակ՝ Անի ԶԷյթունցեան