Հանրային հեռուստաընկերութեան 24 ժամեայ լրատուական հեռուստաալիքը Երեւանի մէջ հեռարձակուելու իրաւունք ստացաւ։
Կամաւորական ջոկատներէն մէկուն հրամանատարը եղած է ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու գործակալ. Արարատի մարզ կատարած այցի ընթացքին յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։
Զոհուած զինծառայողներու դիակներուն եւ մասունքներուն պահման պայմանները չեն համապատասխանիր պահանջներուն. յայտնեց Քննչական կոմիտէն։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Ստեփանակերտի մէջ այցելած է քաջորդիներու շիրիմները։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան «ԿամԱԶ»-ը պայթած է ականի վրայ. կան մահացողներ եւ վիրաւորներ։
Այսօր Հայաստանի մէջ աւարտին հասաւ ուսումնական քորոնա տարին: Դուք էք նոր յաղթանակներ կերտողը. «Վերջին զանգի» առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց նախագահ Արմէն Սարգսեան։
Հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 72 նոր դէպք: Ունինք 246 առողջացած եւ մահուան 4 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան