Սահմանագիծի երկայնքով միջազգային դիտորդներ տեղակայել Ռուսաստանը կամ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը ներկայացնող. Փաշինեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին սահմանային իրավիճակի խաղաղ հանգուցալուծման ծրագիր ներկայացուց:
Գեղարքունիքի սահմանային հատուածին շրջափակուած եւ գերեվարուած է Հայաստանի Զինուած ուժերու 6 զինծառայող։
Հայ զինծառայողները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ էին եւ չեն հատած սահմանը. Պաշտպանության նախարարութիւն:
Ատրպէյճանական զինուժի բոլոր գործողութիւններուն եւ ատոնց հետեւանքներու պատասխանատւութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը. Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը:
Հայաստանը գերեվարուած վեց հայ զինծառայողներու հիմնարար իրաւունքներու ապահովման պահանջով դիմեց Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարան։
Մեր երկրին մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 140 նոր դէպք: Առողջացած է 308, մահացած՝ 5 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան