Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ստորագրելու է համացանցին վրայ յայտնուած թուղթը, որովհետեւ 100 % կըհամապատասխանի Հայաստանի ազգային շահերուն:
Ռուսական կողմը Հայաստանին առաջարկած է ստեղծել համատեղ եռակողմ յանձնաժողով․ Լիլիթ Մակունց՝ փաստաթուղթի մասին։
Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ սահմանային իրադրութեան մէջ փոփոխութիւն չէ եղած:
Եվրախորհրդարանը քննարկեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու վերադարձի պահանջով բանաձեւը: Պատգամաւորներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը Ատրպէյճանէն պահանջեց վերադարձնել բոլոր գերիները եւ վերջ տալ հայատեացութեան:
Պարշելոնայի քաղաքային խորհուրդը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Մարդու իրաւունքներու եվրոպական դատարանը բաւարարեց Ալեքսանտր Լափշինի հայցը ընդդէմ Պաքուի։
Համավարակը կը նահանջէ. Հաստատուած է 191 նոր դէպք, առողջացած՝ 472, մահացած՝ 7 անձ: