«Միջանցքային» տրամաբանութեամբ հարց Հայաստանի Հանրապետութիւնը չէ քննարկած եւ չի քննարկեր. յայտնեց Փաշինեան:
Տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան Արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը:
Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ներթափանցումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք մարտահրաւէր է ՀԱՊԿ հաւաքական անվտանգութեան համակարգին համար. ըսած է Արա Այվազեան:
Չնայած ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան՝ ատրպէյճանական կողմը բանակցութիւններուն չէ ներկայացած. յայտնեց Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ի յիշատակ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան՝ Հայաստան-Յունաստան բարեկամական խումբը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:
UNESCO-ն կը շարունակէ քննարկումները դէպի Արցախ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան առաքելութիւն ուղարկելու շուրջ:
Մեր երկրին մէջ մէկ օրուան մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 229 նոր դէպք: Առողջացած է 286, մահացած՝ 11 անձ:
Անի Զէյթունցեան