Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցեցաւ միջ-կառավարական խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան գերիներու հարցով նամակ յղած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահին:
«Մարտի 1»-ի գործէն կայ նաեւ անջատուած մաս մը, որը դեռ նախաքննութեան փուլի մէջ է. յայտնեց Հայաստանի գլխաւոր դատախազը:
Քաղաքական հետապնդման մասին խօսիլ չի կարելի. Նշած է Դավթեան՝ անդրադառնալով Սիւնիքի մէջ կատարուած դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործին:
Ատրպէյճան կը վախնայ ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ի փորձագէտներու Արցախ այցելութենէն, Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Քրիստիան Տէր-Ստեփանեանի հարցազրոյցը Nouvelle d’Arménie պարբերականին:
Բուժում կը ստանայ Քովիտով հիւանդ 2294 քաղաքացի. Առողջապահութեան նախարարի տեղակալը թիւեր հրապարակեց։
Օրուան քորոնայի թիւերը 536 է, առողջացած է 964, մահացած՝ 21 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան