Արարատ Միրզոյան եւ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս քննարկած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Արցախի հումանիտար իրավիճակի, ռազմագերիներու վերադարձին վերաբերող հարցեր:
Չբազմապատկել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ հակամարտութեան հետեւանքով տուժած համայնքներու միջեւ արդէն իսկ խոր արմատներ նետած վիրաւորանքները. Տունիա Միյատովիչի կոչը՝ Ատրպէյճանին:
Յոյսով ենք, որ Ամերիկայի նախագահին յայտարարութիւնը կը նպաստէ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան. Արա Այվազեան՝ BBC Weekend-ին:
Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի տեղակալ Անդրանիկ Մակարեանին մեղադրանք առաջադրուած է՝ ծառայութեան հանդէպ անփոյթ վերաբերմունքին յօդուածով:
Հռոմի Ֆրանսիս պապը բժշկական սարքեր եւ շտապօգնութեան մեքենայ նուիրած է Հայաստանին:
Օրուան քորոնայի թիւերը․ հաստատուած է հիւանդութեան 595 նոր դէպք: Առողջացած է՝ 801, մահացած՝ 18 անձ:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան