Եվրոպայի առաջնութեան մէջ երրորդ տեղը՝ մեծ մետալներով եւ հինգերորդը՝ բոլոր մետալներու հաշուարկով։ Հայ ծանրորդները այսօր վերադարձան հայրենիք:
Ատրպէյճանցիները կրակած են Սարուշէն գիւղի երկու բնակիչի ուղղութեամբ՝ յայտնեց Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը։
Սեպտեմբեր 27-էն մինչ օրս Արցախի մէջ յայտնաբերուած ու ոչնչացուած են 558 604 հատ տարբեր տեսակի արկ և զինամթերք:
60 տարի առաջ այս օրը իրականացաւ մարդու առաջին թռիչքը դէպի տիեզերք: Շնորհաւորանքներ՝ միջազգային տիեզերակայանէն:
Երեւանի մէջ քորոնայի դէմ պատուաստումները կը սկսին Ապրիլ 13-ին, մարզերուն մէջ՝ Ապրիլ 14-ին, իսկ AstraZeneca-ով պատուաստուելու համար կը սահմանուի տարիքային շէմ՝ յայտնեց Առողջապահութեան նախարարը։
Օրուան քորոնայի թիւերը. Հաստատուած է 510 նոր դէպք: Ունինք 873 առողջացած եւ մահուան 18 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան