Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները ատրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ չեն կրակած. Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւն:
Ատրպէյճանի մէջ առևանգուած հայ զինծառայողներու դատը սկսած է:
Արցախէն 15 հիւանդ ուղեկցողներու հետ Հայաստան տեղափոխուած է:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը Ամերիկա պիտի մեկնի. հանդիպումներ նախատեսուած են Ջէյք Սըլիվընի և այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարը Պաքու պիտի այցելէ և քննարկէ երկկողմ ու տարածաշրջանային հարցեր:
Ֆրանսայի մէջ աւելի քան 3000 ցուցարար ձերբակալուած է, 45 հազար ոստիկան համախմբուած:
Ուքրանիոյ հարաւը և արևելքը թէժ մարտերը կը շարունակուին:
Ղրիմի ղեկավարի մեքենան փորձած են պայթեցնել:
Ռուսաստանի Զինուած ուժերու անձնակազմը հաւատարիմ մնաց զինուորական երդումին. Շոյգուն՝ յեղաշրջման փորձի մասին:
Իսրայէլ լայնածաւալ գործողութիւն սկսած է Պաղեստինի դէմ:
Ուզպեքիստան Ղազախստանի հետ սահմանի սահմանազատման պայմանագիրը վաւերացուց:
Օրքնէյի կղզիները որոշած է դուրս գալ Մեծ Բրիտանիոյ կազմէն:
Անի Զէյթունցեան