Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան հերթական ապատեղեկութիւնը. Հայաստանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հրաձգային զինատեսակներէն չեն կրակած սահմանի արևելեան հատուածին ատրպէյճանի դիրքերու ուղղութեամբ. ՀՀ ՊՆ:
Վրաստանի մէջ սուգ յայտարարուած է՝ ի յիշատակ Կուտաուրիի մէջ ուղղաթիռի կործանման 8 զոհերուն: Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը ցաւակցութիւն յայտնեց :
Պայտըն 2024 թ. Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն պիտի առաջադրուի՝ չնայած ցած վարկանիշին:
Պարենային իրավիճակը ամերիկեան պատժամիջոցներու պատճառով կը բարդանայ . Լաւրով` Պլինքընին:
Մոսկուան մասամբ կամ ամբողջութեամբ դադրեցուցած է Եւրամիութեան 12 երկրի կազամատակարարումը. Ֆոն տէր Լէյէն:
Մոլտովիան կը փափաքի Ռումանիոյ հետ կազի մատակարարման երկարաժամկէտ պայմանագիր կնքել. Սանտու
Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարը Մոնրէալի «Արարատ» հայկական ճամբար այցելած է :
Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբը Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն 3,5 թոն բժշկական պարագաներ փոխանցեց:
Անի Զէյթունցեան