Ռուբէն Ռուբինեան և կարգ մը դեսպաններ քննարկած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը:
Պրիւքսէլի մէջ Հայաստան Ատրպէյճանին փոխանցած 6 կէտանոց փաստաթուղթին մէջ ներառած է նաև Արցախի կարգավիճակի, անվտանգութեան հարցերը. Մարուքեան:
Ցուցարարներուն կոչ կ՛ընենք զերծ մնալ բռնութենէ և յարգել օրէնքի գերակայութիւնը. Փրայս՝ Հայաստանի մէջ ցոյցերու մասին:
Քիև չընդունիր եւրոպական մայրաքաղաքներու այլընտրանքային տարբերակները. Քուլեպան՝ Եւրամիութեան անդամակցութեան մասին:
Թուրքիոյ կողմէն ամբարտակաշինութիւնը անընդունելի է. Ապտոլլահիան:
Միացեալ Նահանգները պիտի արագցնէ Քիևին ռազմական աջակցութեան տրամադրումը:
ՄԱԿ-ը չի բացառեր «Ազովստալէն» խաղաղ բնակիչներու տարհանման նոր գործողութիւններու կազմակերպումը:
Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու քննարկումներուն մէջ յառաջընթաց կայ. Ֆոն տեր Լայէն՝ Հունգարիոյ վարչապետի հետ հանդիպումի մասին:
Ճափոն աստիճանաբար պիտի թուլցնէ կախուածութիւնը ռուսական ուժանիւթերէն:
Մայիս 4-10-ը Հայաստանի մէջ հաստատուած է քորոնայի հիւանդութեան 26 նոր դէպք: արձանագրուած է մահուան 1 դէպք:
Հեղինակ՝ Անի Զէյթունցեան